2013-10-26 10:17:20

Պրազիլ եւ Գերմանիա ՄԱԿ-ին կոչ ուղղած են` պայքարելու Միացեալ Նահանգներու գաղտնալսումի գործունէութեան դէմ


Պրազիլ եւ Գերմանիա նախաձեռնած են քննարկման ՄԱԿ-ի բանաձեւի նախագիծի մը, որուն նպատակն է անձնական կեանքի ապօրինի միջամտելու արգելքը տարածել նաեւ համացանցին մէջ:
Բանաձեւի նախագիծը քննարկուած է Նիւ Եորքի մէջ եւ անոր մասնակցած են շարք մը եւրոպական եւ լատինամերիկեան երկիրներու կառավարութիւններու ներկայացուցիչներ:
Կը նախատեսուի, որ բանաձեւի նախագիծը ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներու կոմիտէի քննարկման ներկայացուի մինչեւ այս տարեվերջ: «Տը Ֆորէյն Փոլիսի» նկատել կու տայ, որ Միացեալ Նահանգներու գաղտնալսումի վերաբերեալ ծագած գայթակղութիւնը առիթ դարձած է այսպիսի բանաձեւի քննարկման համար:
«Ասիկա Սնուտէնի գայթակղեցուցիչ բացայայտումներու վատագոյն հետեւանքներէն մէկն է, որուն պատճառով ստեղծուած իրավիճակէն Միացեալ Նահանգներ շատ դժուար դուրս պիտի գայ: Սակայն ժամանակի ընթացքին մենք ատիկա կ՛ընենք», մեկնաբանեց Միացեալ Նահանգներու նախկին ռազմական պետական պաշտօնեաներէն մէկը:
Մինչդեռ «ԱՖՓ» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ Եւրոպական միութեան նախագահ Հերման Վան Ռոմպէյ յայտարարած է, որ Ֆրանսա եւ Գերմանիա մտադիր են մինչեւ այս տարեվերջ Միացեալ Նահանգներու հետ երկկողմանի բանակցութիւններ վարել` Միացեալ Նահանգներու գաղտնալսումի ծրագիրներու վերաբերեալ: Ռոմպէյն ընդգծեց, որ քանի մը եւրոպական երկիրներ եւս մտադիր են միանալ այս նախաձեռնութեան:
Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ Միացեալ Նահանգներու գաղտնի ծառայութիւնները գաղտնալսած են Պրազիլի, Մեքսիքայի, Գերմանիոյ եւ ընդհանուր առմամբ 35 առաջնորդներու հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները:
Միւս կողմէ, 25 հոկտեմբերին Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախուի յայտարարած էր, որ այս գաղտնալսումներու հարցով կանչած է իր երկրին մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը` այս առնչութեամբ լուսաբանումներու համար:
Իսրայէլեան Մոսատի նախկին պատասխանատու մը դիտել տուած է, որ Միացեալ Նահանգներու գաղտնալսումներուն թիրախ եղած են նաեւ իսրայէլացի ղեկավարներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.